2013-02-16 12:56:31

Լիբանան Ապաստանած Սուրիահայերու` Նպաստաբաշխումի Աշխատանքներու Առաջին Հանգրուանի Աւարտ


Երէկ իրենց աւարտին հասան Լիբանան ապաստանած սուրիահայերու օժանդակութեան առաջին հանգրուանի աշխատանքները, որոնք ընդգրկեցին բազմահարիւր ընտանիքներու սննդեղէնի, խոհանոցային մաքրութեան դեղերու եւ ձմեռնային ծածկոցներու նպաստաբաշխում:
Լիբանանի Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնները բաշխուեցան Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի, «Ճինիշեան» հիմնարկի, Հայ կաթողիկէ ընկերային ծառայութեան գրասենեակի եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան մօտ արձանագրուած սուրիահայ պարագաներուն: Կատարուեցաւ նաեւ Այնճար ապաստանած ընտանիքներու նպաստաբաշխում:
Նպաստաբաշխումի տասնօրեայ աշխատանքները կազմակերպեց Լիբանան ապաստանած սուրիահայերու հարցերով զբաղող միջբարեսիրական մարմինը:
Այժմ, մարմինը կը պատրաստուի նպաստաբաշխումի երկրորդ հանգրուանի աշխատանքներուն, որոնք պիտի ընդգրկեն ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով զբաղող մարմինին, Լիբանանի մօտ պապական նուիրակին եւ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւններ








All the contents on this site are copyrighted ©.